2014-04-19 09:10:31

5000 Սփիւռքահայեր Պիտի Մասնակցին Սփիւռքի Նախարարութեան Ծրագիրներուն


ԵՐԵՒԱՆ.– Հայաստանի սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատար Հրանոյշ Յակոբեանի ղեկավարութեամբ տեղի ունեցաւ Հայաստանի վարչապետին որոշմամբ ստեղծուած՝ սփիւռքի նախարարութեան 2014 թուականի «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնի, սփիւռքի երիտասարդներու հայրենաճանաչութեան «Արի տուն» եւ «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի ծրագիրներու համակարգող միջգերատեսչական յանձնաժողովի անդրանիկ նիստը:
2014 թուականի ծրագիրներուն նախատեսուած է շուրջ 5000է աւելի սփիւռքահայերու մասնակցութիւն։
«Իմ Հայաստան» համահայկական երկրորդ փառատօնը պիտի սկսի 1 Յուլիսին եւ պիտի ընթանայ 5 հանգրուանով՝ «Պարարուեստի օրեր», «Խմբերգային արուեստի օրեր», «Ասմունքի երեկոյ», «Դուդուկի եւ հայկական այլ նուագարանների փառատօն», «Հայ երգի օր»: Փառատօնի ծիրին մէջ պիտի գործադրուին տարբեր ծրագիրներ Հայաստանի տարբեր քաղաքներուն եւ Արցախի մէջ:
«Արի տուն» ծրագիրը պիտի տեւէ 15 Յունիսէն 30 Օգոստոս, եւ պիտի կայանայ 8 հանգրուանով: Կը նախատեսուի շուրջ 1000 սփիւռքահայ պատանիներու եւ աղջիկներու մասնակցութիւն: Անոնք 9 օր պիտի անցընեն հիւրընկալ ընտանիքներու մէջ, 5 օր՝ «Արի տուն» ճամբարին մէջ: Անդրադարձ կատարուած է ծրագիրի կազմակերպման նպատակով պետական գերատեսչութիւններուն հետ համագործակցութեան ուղիներուն:
«Սփիւռք» ամառնային դպրոցը պիտի տեւէ 7 Յուլիսէն 2 Օգոստոս. անիկա պիտի կայանայ գործակցաբար Երեւանի պետական համալսարանին եւ պիտի ներառէ հայոց լեզուի արագացուած ուսուցման, սփիւռքի ուսուցիչներու վերապատրաստման, ազգային երգի ու պարի, սփիւռքահայ երիտասարդ առաջնորդներու, սփիւռքի լրագրողներու եւ սփիւռքի համայնքային գործի կազմակերպիչներու դասընթացներ: Ծրագիրը կարեւոր է յատկապէս մայրենիի դասաւանդման, պահպանմանն ու տարածման նպաստելու առումով:








All the contents on this site are copyrighted ©.