2014-04-18 09:34:45

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կը գլխաւորէ չարչարանաց ծիսակատարութիւնն ու Ճանապարհ Խաչի բարեպաշտական արարողութիւնը։


Ուրբաթ, ապրիլ 18` աւագ ուրբաթ է, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը յետմիջօրէի ժամը 5-ին, Ս. Պետրոս տաճարին մէջ կը գլխաւորէ Յիսուսի չարչարանաց ծիսակատարութիւնը, որուն կը յաջորդէ խաչի երկրպագութեան յուզիչ արարողութիւնը։
Ան ապա գիշերուայ ժամը 9,15 ին, Հռոմի աշխարհածանօթ ՝՝Քոլլոսէում՝՝ ամփիթատրոնի տարածքին, կը նախագահէ Ճանապարհ խաչիի բարեպաշտական յուզիչ արարողութեան, որուն աւարտին խօսք մը կ՛արտասանէ ու հաւատացեալներուն կու տայ իր առաքելական օրհնութիւնը։
Քրիստոսի չարչարանքները ոգեկոչող 14 կայաններուն Ճանապարհ խաչիի արարողութեան ընթացքին ընթերցուելիք այս տարուայ խորհրդածութիւնները, պատրաստած է հարաւային Իտալիոյ Քամփոպասսօ – Պոյանօ թեմի առաջնորդ` գերապայծառ Ճանքարլօ Մարիա Պերկանթինին, որ խորհրդածութիւններու որպէս կեդրոնական նիւթ ընտրած է ''Յիսուսի դիմագիծը, դիմագիծ մարդու''։
''Ճանապարհ Խաչի''ի արարողութիւնը կաթողիկէ եկեղեցւոյ ծիսակարգի ու աւանդութեան մէջ բացառիկ կարեւորութիւն ունեցող այն բարեպաշտութեան արարողութիւնն է, որ տեղի կ'ունենայ ամէն տարի` Աւագ Ուրբաթ օրը, աշխարհի բոլոր կաթողիկէ եկեղեցիներուն մէջ։
14 կայաններէ բաղկացած այս ծէսը խաչափայտի մը ձեռամբարձ ընկերակցութեամբ եւ աւետարանական 14 ընթերցումներու միջոցաւ կը վերակենդանացնէ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի կեանքին վերջին պահերը` Գեթսեմանիի պարտեզին մէջ իր անձկութեան պահէն մինչեւ իր դատապարտումը, ձաղկումը, խաչի չարչարանքը եւ իր մահուան ու թաղման պահը։
Առանձնայատուկ շուք կը ստանայ մանաւանդ կաթողիկէ եկեղեցւոյ Քահանայապետին` Հռոմի Սրբազան Պապի նախագահութեամբ կատարւող Խաչի Ճանապարհը, որ տեղի կ'ունենայ Հռոմի յայտնի հռոմէական հռչակաւոր հին կրկէսին` Քոլոսսէումի տարածքին, այսինքն հոն, ուր, աւանդութեան համաձայն առաջին քրիստոնեաները գազաններու առջեւ նետուեցան եւ չարչարակից ու խաչակից եղան իրենց Տիրոջ` կամաւոր զոհաբերութեամբ վկայելով իրենց հաւատքի ճշմարտացիութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.