2014-04-18 10:10:21

Ուքրանիոյ շուրջ քառակողմ համաձայնութիւն։


Ժընեւի մէջ երէկ Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու, Եւրոպական Միութեան եւ Ուքրանիոյ միջեւ քառակողմ երկարատեւ հանդիպումէն ետք Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի եւ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Քեթրին Էշթըն գոյացուցած են համաձայնութիւն մը, ըստ որուն, զինեալ խմբաւորումները պէտք է լուծարուին, շէնքեր գրաւողները պէտք է ապազինուին եւ հեռանան շէնքերէն, ինչպէս նաեւ ուքրանական կառավարութեան դէմ բողոքած բոլոր անձերը պէտք է համաներում ստանան:
Լաւրով ըսաւ, որ տագնապը պէտք է ուքրանացիները իրենք լուծեն, եւ երկարատեւ սահմանադրական բարեփոխումներ պէտք է կատարուին: Քերրի ուքրանական կառավարութիւնը գովաբանեց ռուսամէտ տարրերու կողմէ գրգռութեան դիմաց ինքնազսպում ցուցաբերելուն համար: Էշթըն իր կարգին ըսաւ, որ համաձայնութիւնը կը բովանդակէ «շօշափելի քայլեր, որոնք կրնան անմիջապէս գործադրուիլ»:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա ամերիկեան «Սի.Պի.Էս.Նիուզ» կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց. «Կատարելապէս յստակ է, որ Ռուսիա անցեալ ամիս Խրիմը իրեն կցելով Ուքրանիոյ գերիշխանութիւնն ու հողային ամբողջականութիւնը ոտնահարեց»` աւելցնելով. «Ռուսիա կը շարունակէ ոտնահարումները` Ուքրանիոյ հարաւին եւ արեւելքին մէջ աջակցելով միլիսներուն»: Օպամա զգուշացուց, որ «Ռուսիա պատժամիջոցներ պիտի դիմագրաւէ, եթէ շարունակէ գործել արարքներ, որոնք Ուքրանիոյ կայունութիւնը կը քայքայեն»` հակառակ անոր որ ինք համոզուած է, որ Մոսկուա զինուորական տագնապի մը չի ձգտիր:
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին իր կարգին ռուսական պետական պատկերասփիւռի կայանէն ուղղակի սփռուած ուղերձի մը ընթացքին զգուշացուց, որ ինք Ուքրանիա զօրք ուղարկելու «իրաւունք մը» ունի, սակայն կը յուսայ, որ այդ իրաւունքը կիրարկելու պիտի չստիպուի: Ան նաեւ յոյս յայտնեց, որ տագնապը երկխօսութեան ճամբով լուծուի:
Փութին ուքրանական իշխանութիւնները զգուշացուց, որ դէպի վիհ կ՛ուղղուին: Ան անհեթեթ նկատեց այն պնդումները, թէ արեւելեան Ուքրանիոյ մէջ ռուսական մասնայատուկ ուժեր կը գործեն:
Ռուսիոյ նախագահը այն կարծիքը յայտնեց, որ որոշ ուժեր կ՛ուզեն Ռուսիան «մասնատել» Եուկոսլաւիոյ օրինակով` աւելցնելով. «Գժտեցնել Ռուսիան եւ Ուքրանիան, բաժնել, մաս-մաս ընել ըստ էութեան միասնական ժողովուրդը` միջազգային քաղաքականութեան առարկան է հարիւրամեակներէ ի վեր»: Փութին դիտողներուն յիշեցուց, որ ցարական Ռուսիան արեւելեան Ուքրանիան «Նոր Ռուսիա» կը կոչէր:
Ան ըսաւ, որ Ռուսիա Խրիմի մէջ քայլ առած է մասամբ մեկնելով այն մտավախութենէն, որ Ուքրանիան կրնայ բռնակցուիլ ՕԹԱՆ-ի, մինչ վերջինս դէպի արեւելք կ՛ընդլայնի:








All the contents on this site are copyrighted ©.