2014-04-18 10:33:42

''Յիսուսի մեզի թողած ժառանգութիւնը սիրոյ ու ծառայութեան ժառանգութիւն է'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը Ոտնլուայի արարողութեան ընթացքին։


Հինգշաբթի, ապրիլ 17-ի յետմիջօրէի ժամը 17,30-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Հռոմի ''Տոն Քարլօ Նիոքքի'' հիմնարկի` Նախախնամութեան Տիրամօր կեդրոնին մէջ, գլխաւորեց Սուրբ Պատարագի եւ Ոտնլուայի արարողութիւնները, կատարելով մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի վերջին ընթրիքին յիշատակութիւնն ու սիրոյ պատուիրանի հաստատումը։
Ոտնլուայի արարողութեան ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապը լուաց վերոյիշեալ կեդրոնի 12 անկարներուն ոտքերը, որոնց շարքին նաեւ 75 ամեայ մահմետական մը։
Հուսկ սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը խօսքը կեդրոնացուց Յիսուսի մեզի թողած ժառանգութեան վրայ։ Ան Աստուած է ու դարձաւ ծառայ, մեր ծառան։ Այս է մեզի թողած ժառանգութիւնը` դուք ալ մէկը միւսին ծառայելու էք։ Ան այս մէկը ըրաւ սիրոյ համար, դուք ալ իրար զիրար պէտք էք սիրել եւ ծառաներ ըլլալ սիրոյ մէջ։ Այս է Յիսուսի մեզի թողած ժառանգութիւնը'' ըսաւ Սրբազան Հայրը։








All the contents on this site are copyrighted ©.