2014-04-18 09:37:34

''Յիսուսի դիմագիծը, դիմագիծ մարդու''։2014-ի ճանապարհ խաչի խորհրդածութիւնները` պատկերացումը ներկայ աշխարհի վէրքերուն ։


Աւագ ուրբաթ` ապրիլ 14ի երեկոյեան ժամը 9,15-ին, ֆրանչիսկոս Քահանայապետը կը գլխաւորէ' Ճանապարհ խաչիի բարեպաշտական յուզիչ արարողութիւնը Հռոմի աշխարհածանօթ ՝՝Գոլլոսէում՝՝ ամփիթատրոնին մէջ։
Արարողութեան ընթացքին ընթերցուելիք այս տարուայ խորհրդածութիւնները, պատրաստեց հարաւային Իտալիոյ Քամփոպասսօ – Պոյանօ թեմի առաջնորդ` գերապայծառ Ճանքարլօ Մարիա Պերկանթինին, որ Քրիստոսի չարչարանքները ոգեկոչող 14 կայաններու խորհրդածութիւններու ընդմէջէն կը պարզէ ներկայ աշխարհի վէրքերը. տնտեսական տագնապը ու անոր ծանր հետեւանքները, փախստականներու պատմութիւնները, չարիքը որ կը խլէ բազմաթիւ նոր սերունդի կեանքերը, բանտարկեալներու ապրած դժուարութիւնները...։
Յայտնենք թէ 73 ամեայ գերապայծառ Պերկանթինի 13 տարիներ ամբողջ ծառայած է որպէս Իտալիոյ Քալապրիա նահանգի Լոքրի թեմի եպիսկոպոս ուր պայքար մղած է ''մաֆիայի'' դէմ։
Ռատիովատիկանի հետ ունեցած մէկ հարցազրոյցի ընթացքին գերապայծառ Պերկանթինի յայտնած էր թէ ճանապարհ խաչիի խորհրդածութիւններու կեդրոնական նիւթն է ''Յիսուսի դիմագիծը, դիմագիծ մարդու''։ Այս նիւթէն մեկնելով Ան խորհրդածեց ներկայ ժամանակները յուզող ընկերային եւ հոգեւոր հարցերու շուրջ, ինչպէս անգործութիւնը, երիտասարդներու ապագան, թմրամոլութիւնը, հիւանդները եւ անյոյս վիճակի մէջ ապրողներու հարցը։
Գերապայծառ Պերկանթինի յայտնած էր նաեւ թէ Ինք ներշնչուած էր Ֆրանչիկսոս Քահանայապետի ''Աւետարանի ուրախութիւնը'' շրջաբերական թուղթէն արտայայտելու համար Յիսուսի ողորմած եւ լուսաւոր դիմագիծը ''ինչպէս կ՛ըսէ Քահանայապետը, առանց Յիսուսի մենք չենք կրնար լոյս ունենալ, մինչ Անոր հետ մենք կը յաղթահարենք խաւարը, վախը, ունայնութիւնն ու կղզիացումը''։
Խորհրդածութիւններուն մէջ Գերապայծառ Պրեկանթինի դիտել կու տայ որ Քրիստոսի խաչափայտին մէջ կան մարդուն մեղքերը։ Յիսուս մեղքերը ուսին վրայ առած կը բարձրանայ դէպի Գողգոթա, մարդուն սորվեցնելու որ պէտք չէ անարդար ու ապօրինի կեանք մը ապրիլ, այլ հարկաւոր է ստեղծել զօրակցութեան կամուրջներ։ Յիսուս դէպի Գողգոթա բարձրացած խաչի ճանապարհին ընթացքին երեք անգամներ կ'իյնայ ասիկա նկատելու ենք որպէս հրաւէր մը յոյսի. ամենայն համեստութեամբ ընդունելու մեր դիւրաբեկ վիճակը, ու ձախորդութեան առջեւ չի յուսալքուելու։Իսկ Սիմոն կիւրենացին, այն մարդը որ Մարդու Որդիին օգնեց խաչը շալկելու` կը բացատրուի որպէս հրաւէր մը անծանօթին աջակցելու, հրաւէր եղբայրակցութեան ու անձնուիրումին։ Եկեղեցին ամէն օր կը պայծառանայ եղբայրակցութեան, հաշտութեան ու փոխադարձ ներումի ճամբով։ Մահը չհատեց (չփշրեց) սէրը, որովհետեւ սէրը մահէն աւելի հզօր է ... ով որ պատրաստ է իր կեանքը զոհել Քրիստոսի սիրոյն զայն պիտի վերագտնէ եւ մահէն ետք պիտի պայծառանայ։







All the contents on this site are copyrighted ©.