2014-04-18 10:41:06

Կաթողիկէ Եկեղեցին լայնօրէն կը գերիշխէ քրիստոնէութեան լրատուական ցանցին վրայ։


Քրիստոնէական լուրերու 90 տոկոսը կը հայի կաթողիկէ կեանքին իսկ 30 տոկոսը ֆրանչիսկոս Քահանայապետի գործունէութեան։

Կաթողիկէ եկեղեցին լայնօրէն կը տիրէ Քրիստոնէութեան նուիրուած հեռուստատեսիլային յայտագրերու վրայ, Զուիցերական լրատուական (Media Tenor) հաստատութեան ուսումնասիրութեան համաձայն քրիստոնէութեան նուիրուած լուրերու 90 տոկոսը կը հայի կաթողիկէ եկեղեցւոյ եւ մէկ երրորդը կը խօսի ֆրանչիսկոս Քահանայապետի գործունէութեան։ Բողոքական եկեղեցւոյ հայող լուրերը կը ներկայացնեն 90 տոկոսը համահաւասար հրեայ կամ մահմետական կրօններու։ Նոյնիսկ այն երկիրները, որոնք աւանդաբար բողոքական են` ինչպէս Անգլիա եւ Միացեալ Նահանգները, քրիստոնէական լուրերու մեծամասնութիւնը վերապահուած է կաթողիկէ Եկեղեցւոյ։ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը կը վայելէ դրական ներկայութիւն մը համայն աշխարհի մէջ։ Այս վերլուծումը հիմնուած է 24 հեռուստատեսիլային մեծագոյն կայաններու վրայ։
Նշենք որ Զուիցերական լրատուական (Media Tenor) հաստատութիւնը առանձնական է եւ այդ վերլուծումը անկախաբար կատարած է առանց որեւէ կազմակերպութեան մը խնդրանքին։








All the contents on this site are copyrighted ©.