2014-04-18 10:01:05

Երուսաղեմի քրիստոնեայ համայնքապետերու խաղաղութեան ու յոյսի պատգամը աշխարհի քրիստոնեաներուն։


Ս. Երկրի քրիստոնեայ 13 համայնքապետերը խաղաղութեան ու յոյսի պատգամ մը ուղղած են աշխարհի քրիստոնեաներուն մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի փառաւոր յարութեան տօնին առթիւ։
Պատգամին մէջ կը կարդանք. ''Այս քաղաքի սրտէն, ուր առաջին անգամուան համար հռչակուեցաւ Քրիստոսի փառաւոր Յարութեան տօնը, եւ ուրկէ Յիսուս իր աշակերտներուն հրահանգեց ` Աւետարանը քարոզել աշխարհի չորս ծագերու բնակիչներուն, ձեզի կ`ուղղենք Յարուցեալ Քրիստոսի յոյսի պատգամը։ Այս պատգամով կ`ուզենք համայն աշխարհին հետ ապրիլ Յարուցեալի Աւետարանը ու ձեզ հրաւիրել աղօթելու Ս. Երկրի ու Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու մտահոգիչ կացութեան դիտաւորութեան ու անոնց կրած առօրեայ բռնութեան ու անարդարութեան համար։
Արեւելքի հովիւները կը խնդրեն որ վերջ դրուի զինեալ ընդհարումներու եւ իրենց աղօթքը կը բարձրացնեն առ Աստուած որպէսզի խաղաղութիւնը վերահաստատուի, մատնանշելով որ խաղաղութեան վերահաստատումը կ`ենթադրէ արդարութիւն եւ հաշտութեան կամք։








All the contents on this site are copyrighted ©.