2014-04-18 09:59:31

Գաղտէացիներու Պատրիարքի կոչը վերջ դնելու Իրաքցի ժողովուրդին տառապանքին։


Քրիստոսի Ս. Յարութեան տօնին առթիւ, Իրաքի գաղտէացիներու Պատրիարք` գերերջանիկ Սաքօ, մաղթանք յայտանած է որ Քրիստոսի Յարութեան տօնախմբութիւնը նոր կեանք մը յառաջ բերէ Իրաքի տառապող ժողովուրդին։ Հակառակ ողբերգական մեր կացութեան, կը գրէ Պատրիարքը իր պատգամին մէջ, Յարուցեալ Քրիստոսի տօնը, մեր սիրտը յոյսով կը լիացնէ։ Ան մահուան յաղթեց եւ նոր կեանք տուաւ բոլորիս։ Աղօթքս է որ մեր տուներուն եւ հասարակութեան մէջ այս յոյսով ապրինք ու աշխատինք մեր հայրենիքին բարօրութեան ի խնդիր։
Ապրիլ 30-ին, կը մատնանշէ Պատրիարքը, տեղի պիտի ունենայ ազգային ժողովի անդամներու ընտրութիւնը, ամէնքս կանչուած ենք մասնակցելու ազգային այս պարտականութեան։ Ազգային ժողովին համար պիտի ընտրենք 325 անդամներ, որոնցմէ 5-ը քրիստոնեայ են։ Քրիստոնեաներս կանչուած ենք մեր հաւատարմութիւնը ու նուիրումը յայտնելու հայրենիքին հանդէպ։








All the contents on this site are copyrighted ©.