2014-04-17 11:03:34

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը շնորհաւորեց Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետի ծննդեան տարեդարձը։


Չորեքշաբթի, ապրիլ 16ին, Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետը, թեւակոխեց իր ծննդեան 87 ամեակը, այս առթիւ, Ֆրանչիկսոս Քահանայապետը, հեռաձայնային կապով շնորհաւորեց վաստակաւոր Քահանայապետին տարեդարձը ու անոր ապահովցուց թէ զինքը յիշեց իր աղօթքներուն մէջ առաւօտեան՝ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին։Այս լուրը յաղորդեց Վատիկանի Մամլոյ գրասենեակի տնօրէն Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտին որ ապա նշեց է թէ, Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետը, աւագ շաբթուայ առթիւ, փափաք յայտնած է, իր ծննդեան տարեդարձին առթիւ ոչ մէկ տօնակատարութիւն նախատեսել ու ապրիլ աղօթքի եւ ամփոփումի մթնոլորտի մէջ։







All the contents on this site are copyrighted ©.