2014-04-17 10:58:30

Ռուսամէտ զինեալներ Ուքրանական հրասայլեր կը գրաւեն։


Ուքրանիա, «Էյ.Փի.».- Հարուած մը հասցնելով արեւելեան եւ հարաւային Ուքրանիոյ մէջ կեդրոնական իշխանութեանց դէմ ապստամբած մօտաւորապէս 10 քաղաքները իր հակակշիռին տակ առնելու Ուքրանիոյ ժամանակաւոր իշխանութեանց ջանքերուն եւ անոնց նախաձեռնած «հակաահաբեկչական» գործողութեան՝ ռուսամէտ ուժեր Չորեքշաբթի, Ապրիլ 16ին գրաւած են իրենց հակակշիռին տակ գտնուող Սլովիանսք քաղաքի մօտակայ Քրամաթորսք քաղաքը մուտք գործել փորձող վեց ուքրանական հրասայլեր՝ անոնց վրայ ռուսական դրօշակներ բարձրացնելով:
Ուքրանացի զինուորները ընդդիմութիւն չեն ցուցաբերած եւ անոնցմէ ոմանք յայտնած են, թէ որոշած են անցնիլ ռուսամէտ ուժերուն կողմը: Ռուսամէտ ուժերու բանբեր մը յայտնեց, թէ ուքրանացի զինուորներուն առիթ պիտի տրուի հեռանալու կամ միանալու տեղական զինեալ ուժերուն:
Քաղաքական գետնի վրայ, մինչ Ժընեւի մէջ Ուքրանիոյ հարցով գումարուելիք ժողովին պատրաստութիւններ կը տեսնուէին, Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել հեռաձայնային զրոյց մը ունեցած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ՝ մտահոգութիւն յայտնելով Ուքրանիոյ վերջին իրադարձութեանց կապակցութեամբ: Մերքելի գրասենակը պարզապէս հաղորդած է, թէ զրոյցէն ետք ի յայտ եկած է, թէ նախագահն ու վարչապետը Ուքրանիոյ իրադարձութեանց շուրջ «տարբեր արժեւորումներ ունին»:
Իր կարգին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով զգուշացուց, որ Քիեւի կառավարութեան կողմէ ուժի օգտագործումը կրնայ ականահարել ուքրանական տագնապի լուծման համար Ժընեւի մէջ նախատեսուած Եւրոպական Միութեան, Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Ուքրանիոյ միջեւ արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով տեղի ունենալիք հանդիպումը. «Չես կրնար քաղաքացիներուդ դէմ հրասայլեր ուղարկել եւ նոյն ատեն բանակցութիւններ վարել», ըսաւ ան:








All the contents on this site are copyrighted ©.