2014-04-17 13:05:42

Հալէպի ապահովական վիճակը աւելի կը վատթարանայ


Շորեքշաբթի, 16 ապրիլին, Հալէպի զանազան շրջաններուն մէջ յատկապէս հայահոծ թաղամասերու մէջ հրասանդեր եւ հրթիռներ սկսան տեղալ: Հրթիռաձգութեան թիրախ դարձաւ յատկապէս Թելեֆոն Հաուաի, Սիւլէյմանիէ, Ժիտէյտիէ, Ժալա եւ Նոր Գիւղ շրջանները: Այս մասին կը հաղորդէ Perionews-ը:
Պէտք է նշել, որ հրասանդերու եւ հրթիռներու տեղատարափը շարունակուեցաւ մինչեւ երեկոյեան:
Հրասանդերէն մէկը ինկաւ Սիւլէյմանիէ շրջանի Հաժ Հապիպ թաղը՝ հայու մը բնակարանին վրայ եւ հրդեհ մը բռնկեցաւ, շրջանի հայ երիտասարդները փութացին շիջանել կրակը մինչեւ հրշէջի մեքենաներու ժամանումը: Բարեբախտաբար վնասը միայն նիւթական էր:
Միւս կողմէ, հրթիռարձակումներու զուգահեռ զինուորական ընդհարումները նոյնպէս սաստկացան զանազան ուղղութիւններու վրայ՝ զարկերը Հալէպի շրջակայքէն թեքուեցան դէպի քաղաքի կեդրոնը, յատկապէս հին Հալէպի՝ Սայէտ Ալի շրջանը:
Սուրիական բանակը զինուորական ծանր գործողութիւններ կը կատարէ զինեալ խմբաւորումներու վերահսկողութեան տակ գտնուող շրջաններու դէմ, ինչպէս նաեւ կը փորձէ կասեցնել անոնց ներս թափանցումը դէպի կառավարամէտ շրջաներ: Սուրիական զօրքը, զինեալ խմբաւորումներուն դէմ կը հակադարձէ գետնէն, անոնց միանալով օդուժի ուղղաթիռներ:
Ժողովուրդի ապահովութիւնը չվտանգելու համար, անմիջապէս փակուեցան խանութներու եւ վաճառատուներու դռները:
Արդարեւ, Հալէպի բնակչութիւնը աչալուրջօրէն կը հետեւի իրողութեան, իր մասնակցութիւնը բեռելով կայուն ապահովութիւն մը ունենալու ի խնդիր: Ան զգօն է, փակ պահած է իր շէնքի դռները եւ ոչ բնական շարժումներու պարագային կը դիմէ համապատասխան կեդրոններ:







All the contents on this site are copyrighted ©.