2014-04-17 12:28:02

Աւագ Հինգշաբթի Խորհրդաւոր ընթրիքի յիշատակի օրն է:


Աւագ Հինգշաբթի առաւօտեան բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կը մատուցուի Ս. Պատարագ` ի յիշատակ Խորհրդաւոր ընթրիքի ժամանակ Քրիստոսի կողմէ Ս. Հաղորդութեան խորհրդի հաստատման:
Վերջին ընթրիքէն ետք Յիսուս ջուրը լեցուց կոնքի մէջ, ծունկի եկաւ իր աշակերտներուն առջև և խոնարհաբար լուաց անոնց ոտքերը՝ հեզութեան և խոնարհութեան իբր օրինակ ծառայելով:
Այս օրը եկեղեցիներու մէջ կատարուող ոտնլուայի արարողութենէն ետք հաւատացեալներուն կը բաժնուի օրհնուած իւղ, զոր հաւատացեալները կը գործածեն հիմնականին մէջ հիւանդութիւններու դէպքին կամ կը խառնեն տան մէջ ունեցած իւղին:
Աւագ Հինգշաբթի օրը կը յիշատակուի Քրիստոսի կողմէ Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդի հաստատումը։
Քրիստոս վերջին ընթրիքի ընթացքին հացն ու գինին ճաշակելու տուաւ իր աշակերտներուն` ըսելով որ հացը Իր մարմինն է, իսկ գինին` Իր արիւնը, որ կը հեղու մարդոց մեղքերու քաւութեան համար։ Մերժելի և անընդունելի են աղանդաւորական այն բոլոր տեսակէտները, որոնց համաձայն հացն ու գինին պարզապէս Քրիստոսի մարմնիև արեան խորհրդանիշ են։ Այսպիսի պնդումները կը հակասեն Քրիստոսի բառերուն: Ան հաղորդութեան համար երբեք չօգտագործեց խորհրդանիշ բառը։
Քրիստոս նաև մէկ այլ տեղ ըսաւ, որ ով որ Իր մարմինն ու արիւնը չճաշակէ, երբեք յաւիտենական կեանք պիտի չունենայ։
Աւագ Հինգշաբթի երեկոյեան կը կատարուի ոտնլուայի արարողութիւնը։ Խորանի վրայ բարձրաստիճան հոգևորականը, գոգնոց կը կապէ եւ կը լուայ ու իւղով կ’օծէ 12 հոգիի ոտքերը։ Այս՝ ան կ’ընէ Քրիստոսի արարքի նմանողութեամբ, երբ Քրիստոս լուաց իր 12 աշակերտներու ոտքերը՝ խոնարհութեան նշան ցոյց տալով ու ըսաւ թէ՝ «Ես ձեզի օրինակ մը տուի, որպէսզի դուք ալ իրարու ընէք այն՝ ինչ որ ես ձեզի ըրի»: Յովհաննէս 13.15








All the contents on this site are copyrighted ©.