Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան եեքշաբթի 15 ապրիլին առաջին նշանակումները կատարեց նոր
կառավարութեան մէջ: Նախագահի հրամանագիրներով Սէյրան Օհանեան վերանշանակուեցաւ պաշտպանութեան
նախարար, իսկ Էդուարդ Նալբանդեան` արտաքին գործոց նախարար: Հրամանագիրները հրապարակուած
են Հայաստանի նախագահի պաշտօնական կայքին մէջ: Օհանեան եւ Նալբանդեան պաշտպանութեան
եւ արտաքին գործոց նախարարներու պաշտօնները կը զբաղեցնեն 2008 թուականէն ի վեր: