2014-04-16 09:38:10

Արեւելեան շրջաններուն մէջ սկիզբ առին Ուքրանիոյ բանակի «հակաահաբեկչական» գործողութիւններ։


Երեքշաբթի, Ապրիլ 15ին, ուքրանական բանակը սկսած է գործադրելու «հակաահաբեկչական» գործողութիւն մը, որուն նպատակն է երկրի արեւելեան շրջաններուն մէջ զանազան պետական կեդրոններ գրաւած ռուսամէտ ուժերը հեռացնել այդ կեդրոններէն: Կարգ մը աղբիւրներու համաձայն՝ ուքրանական ուժերը Սլավիանսքի մէջ գտնուող զինուորական օդակայանէն կրցած են հեռացնել զայն գրաւած ռուսամէտ զինեալներն ու ցուցարարները:
Ռուսիոյ իշխանութիւնները ազդարարեցին, թէ գործողութիւնը կրնայ քաղաքացիական պատերազմի մը առաջնորդել Ուքրանիոյ մէջ:
Նշենք, որ Երկուշաբթի օր տեղի ունեցած հեռաձայնային զրոյցի մը ընթացքին, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամային յայտնած էր, թէ արեւելեան Ուքրանիոյ մէջ ցոյցերը ռուսախօսներու շահերու անտեսումին արդիւնք են: Փութին անհիմն համարած է այն ամբաստանութիւնը, թէ Մոսկուա հրահրած է Ուքրանիոյ հարաւարեւելեան շրջաններու ցոյցերը:
Օպամա կոչ ըրած է Փութինին, որ իր ազդեցութիւնը ի գործ դնելով՝ համոզէ պետական շէնքերը գրաւած ռուսամէտ ուժերը, որ հեռանան շէնքերէն: Օպամա միաժամանակ խնդրած է՝ Ուքրանիոյ սահմաններուն մօտ հաստատուած ռուսական ուժերը հեռացնել:
Իր կարգին, Ուքրանիոյ նախագահի պաշտօնակատար Օլեքսանտր Թուրչինով յայտարարած է, թէ «հակաահաբեկչական» գործողութեան նպատակն է պաշտպանել ուքրանացիներուն իրաւունքները եւ դէմ դնել երկիրը մասնատելու ջանքերուն:








All the contents on this site are copyrighted ©.