Ֆրանչիսկոս Պապը, Մայիս 18-ին, պիտի այցելէ Հռոմի ''Աստուածային Սէր'' Մարեմեան սրբավայրը։
Հետեւելով իր նախորդներու օրինակին, ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, յառաջիկայ 18 մայիսին,
մտադիր է ուխտագնացութիւն կատարել Հռոմի ''Divino amore'' Տիրամօր սրբավայրը, որ կը գտնուի
մայրաքաղաքէն 15 քիլոմեթր հեռու, հարաւ շրջանը։ Նորին Սրբութիւնը, երեկոյեան ժամը
4-ին մարեմեան սրբավայրը կը հասնի ուր կը նախագահէ ս. Պատարագի արարողութեան։ Նախապէս
4 մայիսին Սրբազան Հայրը այցելութիւն կը կատարէ Հռոմի սուրբ Սդանիզլաս լեհ ժողովրդապետութեան։
Նշենք որ ''Divino amore'' մարեմեան Սրբավայրը, հիմնուած 1745-ին, շատ սիրելի է հռոմէացիներուն։ Ըստ
աւանդութեան 1740-ին մարդ մը մինչ դէպի Հռոմ կ'ուղղուէր վրան կը յարձակին կատաղի շուներու
խումբ մը։ Սարսափած` աչքերը կը բարձրացնէ աշտանակի վրայ զետեղուած Մանուկ Յիսուսը գրկած
Տիարամօր սրբապատկերին եւ անոր վերեւը զետեղուած աղաւնակերպ Ս. Հոգիին` ''Divino amore
- Աստուածային Սէր'' կը բացակգանչէ` ''Տիրամայր հասիր օգնութեանս'', անոր վրայ կատաղի
շուները կը հեռանան։ Դարերու հոլովոյթին հռոմէացիները կը շարունակեն հայցել Աստուածածնայ
օգնութիւնն ու բարեխօսութիւնը ստէպ ուխտագնացութիւն կատարելով մարեմեան սրբավայրին։ Պիոս
ԺԲ Քահանայապետին (1939-1958) բաղձանքով, երկրորդ հաշխարհամարտի, յետ յուլիս 1943-ի ռմբակոծումին,
այնտեղ կը կառուցուի նոր սրբավայր մը։ 4 յուլիս 1999-ին, Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը
անձամբ կը կատարէ նոր սրբավայրի բացումը։Ներկայիս ‘Divino amore’ մարեմեան Սրբավայրը
դարձած է հովուական մեծ կեդրոն մը։ Յայտնենք թէ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը եւս(2006-2013),
մայիս 2006-ին, ուխտագնացութիւն կատարած էր Հռոմի ''Divino amore'' Մարեմեան Սրբավայրին։