2014-04-15 10:32:07

Սուրիոյ կանոնաւոր բանակը մուտք գործեց Մաալուլա։


Սուրիոյ կանոնաւոր բանակը, երկուշաբթի 14 ապրիլին, Քալամունի գիւղական շրջաններուն մէջ գտնուող Մաալուլա գիւղը մուտք գործելով` Մար Թաքլա եւ Քըտտիսին վանքերը առաւ իր վերահսկողութեան տակ:
Նախքան այդ, երէկ առաւօտեան բանակը իր վերահսկողութեան տակ առած էր Սարխա գիւղը:
Սուրիոյ կանոնաւոր բանակի Մաալուլա եւ Սարխա մուտք գործելը կը յաջորդէ Լիբանանեան արեւելեան լեռնաշղթային մօտ գտնուող Ռանքուսի բարձունքներուն տիրելուն: Զինեալները հեռացած են դէպի լիբանանեան Ասալ Ուարտ եւ Թուֆէյլ գիւղերը:
Զինեալները Մաալուլա մուտք գործած էին անցեալ սեպտեմբերին, ապա բանակին հետ բախումներ ունենալէ ետք հեռացած էին գիւղէն, սակայն անցեալ նոյեմբերին դարձեալ մուտք գործած էին գիւղը, որուն մէջ մինչեւ օրս կը խօսուի Յիսուսի օգտագործած լեզուն` արամերէնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.