2014-04-14 13:18:51

''Դուք կը պատրաստուիք դառնալու Յիսուսի նման Բարի Հովիւներ'' – ըսաւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ընդունելով Անանյիի Լեւոնեան Քահանայապետական վարժարանի ժառանգաւորները''։


Երկուշաբթի, 14 ապրիլի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, իր գրասենեակի մէջ ընդունեց Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի կառավարիչը` Կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրին, որմէ ետք ընդունեց Հռոմի թեմի տեղապահ Արքեպիսկոպոսը` Կարտինալ Ակոսթինօ Վալլինին։ Հուսկ ժամը 12-ին, Սրբազան Հայրը Քլեմենթինա սրահին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց Անանյիի Քահանայապետական Լեւոնեան վարժարանի հասարակութեան հարիւր անդամներուն, որ Հռոմ ժամանած են հետիոտն ուխտագնացութեամբ։
Անոնց ուղղած իր խօսքին մէջ, Սրբազան Հայրը` ողջունելով ներկաները եւ շնորհակալութիւն յայտնելով Վարժարանի տեսուչին իրեն ուղղած խօսքերուն, անդրադարձաւ Քահանայապետական Վարժարանի գործունէութեան որպէս թեմական կազմաւորումի վայր, որ կանչուած է ժամանակակից Եկեղեցւոյ առաքելութեան համար պատրաստել քահանաներ` աղօթքի, ուսմունքի եւ եղբայրութեան ու աւետարանական մթնոլորտի մէջ։ Սրբազան Հայրը խօսքը ուղղելով ապա Վարժարանի ժառանգաւորներուն ըսաւ ''Սիրելի նորընծաներ դուք չէք պատրաստուիր արհեստ մը կատարելու եւ կամ ընկերութեան պաշտօնատար դառնալու։ Ուշադիր եղէ՛ք, դուք կը պատրաստուիք ըլլալու հովիւներ, Յիսուսի` Բարի Հովիւի նմանութեամբ, ըլլալու Անոր պէս ու Անոր տեղ, Անոր հօտին մօտ, արածելու Անոր ոչխարները։
Այս կոչումին առջեւ, մենք կրնանք Աստուածամօր նման հարց տալ ''Ի՞նչպէս պիտի ըլլայ ինծի ասիկա'', քանի Յիսուսի պատկերին համաձայն ''Բարի Հովիւ'' դառնալը, վսեմ իրականութիւն է, ու մենք անարժէք ենք։ Այս մէկը սակայն կ՛իրականանայ Սուրբ Հոգւոյն ներգործութեամբ ու մեր համագործակցութեամբ։ Մեզի կ՛իյնայ հեզաբարոյ սրտով նուիրել մենք մեզ, որպէս Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ կաւ, ու Սուրբ Պօղոսի խօսքերուն համաձայն ըսել ''ես չեմ որ կ՛ապրիմ, այլ Քրիստոսը կ՛ապրի իմ մէջս''։
Այս կը նշանակէ ամէն օր խորհրդածել Աւետարանի խօսքերուն վրայ, որպէսզի զայն փոխանցենք քարոզութեամբ եւ ապրելակերպով։ Կը նշանակէ փորձարկել Աստուծոյ ողորմութիւնը, ապաշխարութեան խորհուրդի ընդմէջէն, մեր կարգին դառնալով ոորմած եւ վեհանձն խորհրդակատարներ։ Կը նշանակէ հաւատքով եւ սիրով ընդունիլ Սուրբ Հաղորդութիւնը, սնունդ տալու համար քրիստոնեայ ժողովուրդին, կը նշանակէ ըլլալ աղօթքի մարդիկ` դառնալու համար Քրիստոսի ձայնը որ կ՛օրհնաբանէ Հայրը եւ յարատեւ կը բարեխօսէ իր եղբայրներուն համար։ Եթէ դուք պատրաստ չէք այս ճանապարհի ընտրութեան, այս վարուելակերպով եւ այս փորձառութիւններով լաւ կ՛ըլլայ որ քաջութիւնը ունենաք տարբեր ճանապարհ մը փնտռելու – ըսաւ Նորին Սրբութիւնը մատնանշելով թէ ''Եկեղեցւոյ մէջ այլ կերպեր կան քրիստոնէական վկայութիւն տալու''։
''Վ՜այ այն չար հովիւներուն որ հօտը կ՛արածեն իրենց շահերը փնտռելով'' կը բացագանչէին մարգարէները, ''թող այս ''Վ՜այը'' առիթ ըլլայ ձեր ապագայի մասին լուրջօրէն մտածելու'' – եզրափակեց Ֆրանչիսկոս Պապը խօսքը ու ապա ներկաներուն տուաւ իր հայրական օրհնութիւնը։







All the contents on this site are copyrighted ©.