2014-04-13 11:47:03

Ֆրանչիսկոս Պապը Երանելի Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը կը հռչակէ ` Երիտասարդութեան համաշխարհային օրուայ պաշտպան սուրբ


Կիրակի 13 ապրիլի կէսօրին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ գլխաւորած ծաղկազարդի արարողութեան աւարտին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը նոյն վայրէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը։
Աղօթքէն առաջ Սրբազան Հայրը ողջոյնի խօսք ուղղեց Աշխարհականներու քահանայապետական խորհուրդի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած միջազգային հանդիպումի 250 պատուիրակներուն, որոնք 10 -13 ապրիլ Հռոմի մէջ մասնակցեցան ''Երիտասարդութեան համաշխարհային օր, Ռիօ 2013 - ՔրաՔովիա 2016'' նիւթով հաւաքի մը, որպէս պատրաստութին Քրաքովիայի մէջ, 2016-ին նշուելիք, երիտասարդութեան միջազգային հաւաքին որուն նիւթն է ''Երանի ողորմածներուն որովհետեւ անոնք ողորմութիւն պիտի գտնեն''։
''Քիչ ետք - ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը - Պրազիլցի երիտասարդներ Լեհ երիտասարդներուն պիտի յանձնեն Երիտասարդութեան համաշխարհային օրը յատկանշող Խաչը որ Երանելի Յովհաննէս Պօղոս Բ քահանայապետը, 30 տարիներ առաջ, յանձնած էր երիտասարդներուն ու անոնցմէ խնդրած էր զայն տանիլ ամենուրէք որպէս նշան Քրիստոսի Սիրոյն հանդէպ մարդկութեան։
Ֆրանչիսկոս Պապը հուսկ մտանանշեց թէ յառաջիկայ 27 ապրիլին Երանելի Յովհաննէս Պօղս Բ, Յովհաննէս ԻԳ հետ միասին սուրբ պիտի հռչակուի եւ պիտի դառնայ Երիտասարդութեան համաշխարհային օրուայ պաշտպան սուրբը, ու սուրբերու հաղորդութեան մէջ պիտի շարունակէ աշխարհի երիտասարդներուն համար ըլլալ Հայր ու բարեկամ։ Խնդրենք Տիրոջմէ որ Խաչը եւ Տիրամօր Սրբապատկերը ըլլան բոլորին համար յոյսի նշան` աշխարհին յայտնելով Քրիստոսի յաղթական սէրը։
Այս խօսքերու աւարտին տեղի ունեցաւ Խաչի պաշտօնական փոխանցումը, որմէ ետք Նորին Սրբութիւնը յատուկ ողջոյնի խօսք մը ուղղեց Լեհ եւ Պրազիլցի երիտասարդներուն ընկերացող Կարտինալ Ճիվիչին եւ Կարտինալ Օրանի Թեմբեսդային։ Ան ապա պաշտօնապէս յայտարարեց թէ յառաջիկայ 15 օգոստոսին Քորէա պիտի մեկնի ուր Տայժէոնի մէջ պիտի հանդիպի Ասիայի երիտասարդներուն։
''Այժմ մեր աղօթքը ուղղենք Աստուածամօր` որպէսզի մեզ օգնէ հետեւելու Յիսուսին, սիրով եւ հաւատքով'' ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ու Մարեմեան Աղօթքը արտասանեց ու բոլոր ներկաներուն տուաւ իր հայրական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.