2014-04-12 09:14:21

Հայ հնատիպ գիրքի ցուցահանդէս Հնդկաստանի մէջ


Հնդկաստանի Կալկաթա քաղաքին մէջ Ապրիլ 8-ին տեղի ունեցաւ Հնդկաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան աջակցութեամբ, Հնդկաստանի ու Հայաստանի ազգային գրադարաններու մասնակցութեամբ կազմակերպուած հայ հնատիպ գիրքի ցուցահանդէսի բացման արարողութիւնը: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի եւ տեղեկատւութեան վարչութենէն:
Ձեռնարկին ներկայ էին Հնդկաստանի մէջ ՀՀ դեսպան Արա Յակոբեանը, Հնդկաստանի ազգային գրադարանի տնօրէն Ռաճենտրա Գումարը, Հայաստանի ազգային գրադարանի տնօրէն Տիգրան Զարգարեանը, ինչպէս նաեւ հնդիկ պաշտօնեաներ, Կալկաթայի Հայոց մարդասիրական ճեմարանի տնօրինութեան եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ, լրագրողներ եւ այլ հիւրեր:
Բացման խօսքով հանդէս եկան դեսպան Յակոբեանը, ազգային գրադարաններու տնօրէնները: ՀՀ դեսպանը իր խօսքին մէջ, մասնաւորապէս, նշեց. «Հնդկաստանը այս կարեւոր ցուցահանդէսին համար պատահական ընտրութիւն չէր. հայկական առաջին` «Ազդարար» պարբերականը տպագրուած է 1794թ. Մատրասի մէջ` Յարութիւն Շմաւոնեանի կողմէ: Ցուցահանդէսին ներկայացուած շարք մը գիրքեր եւս տպագրուած են Հնդկաստանի մէջ, մասնաւորապէս` Մատրասի եւ Կալկաթայի»: ՀՀ դեսպանը իր շնորհակալութիւնը յայտնեց հնդկական կողմին՝ ցուցահանդէսը բարձր մակարդակով կազմակերպելու համար:
Հանդիսութեան ընթացքին Կալկաթայի Հայոց մարդասիրական ճեմարանի սաները ներկայացուցին հայկական երաժշտական ստեղծագործութիւններ:
Ցուցահանդէսին, որ կը շարունակուի մինչեւ Ապրիլ 12, ներկայացուած են Հայաստանի ազգային գրադարանէն բերուած եւ Կալկաթայի Հայոց մարդասիրական ճեմարանի գրադարանին կողմէ տրուած գիրքեր: Ներկայացուած գիրքերուն մէջ են 1512թ. Վենետիկի մէջ Յակոբ Մեղապարտի կողմէ տպագրած «Ուրբաթագիրք»-ը, 1666-68թթ. Ամսթերտամի մէջ տպագրուած «Աստուածաշունչ»-ը, 1794-96թթ. Մատրասի մէջ տպագրուած «Ազդարար»-ը եւ այլ արժէքաւոր գիրքեր:







All the contents on this site are copyrighted ©.