2014-04-12 08:47:40

«Զօրավիգ ենք Խորհրդարանի մեծամասնութեան կողմէ ընտրուած ոեւէ նախագահի» յայտարարեց Մարոնիներու Ռայի Պատրիարքը։


Մարոնիներու Ռայի պատրիարքը, ուրբաթ 11 ապրիլին, Պէյրութի օդակայանին մէջ իր կատարած յայտարարութեան մէջ հերքեց իրեն վերագրուած այն տեղեկութիւնները, ըստ որոնց, ինք դէմ է թէ՛ Մարտ 8-ի եւ թէ՛ Մարտ 14-ի կողմերու ներկայացուցիչներէն նախագահի ընտրութեան: Յայտնելով, որ իր խօսքերը իրենց հունէն շեղած են, Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ ինք ըսել ուզած է` երկու նշեալ կողմերէն ոեւէ ներկայացուցիչի թեկնածութեան ձախողութեան պարագային, պիտի ընտրուի կողմերէն դուրս այլ թեկնածու մը: «Մենք լիազօրութիւն չունինք վճռելու այս կամ այն թեկնածուին ճակատագիրը, սակայն խորհրդարանի մեծամասնութեան քուէներով ընտրուած որեւէ խումբի թեկնածու կը նկատենք մեր նախագահը ու կը զօրակցինք անոր», ընդգծեց Ռայի պատրիարքը:
Միւս կողմէ, ան մաղթեց, որ խորհրդարանական յանձնախումբերու որոշելիք տուրքերը ըլլան այնպէս մը, որ անոնք «չսպառեն աշխատաւորներու քսակը»:








All the contents on this site are copyrighted ©.