2014-03-31 13:21:08

''Քեսապահայութիւնը թէեւ կը տառապի, սակայն կը մնայ կառչած իր հողին եւ յոյսով ու հաւատքով է շուտով տուն վերադառնալ'' կ՛ըսէ Հայր Նարեկ Լուիսեան։


Անցեալ մարտի 21-ին, թրքական կողմէն Քեսապի հայաբնակ աւանին ուղղութեամբ անակնկալօրէն սանձազերծուած զինուորական թափանցումի գործողութիւններուն հետեւանքով` քեսապահայութեան տեղահանութեան եւ ստեղծուած ծայր աստիճան տագնապալի իրավիճակին ի տես, շաբաթ, 29 մարտին հայ Կաթողիկէ Պատրիարքական հոգեւորական եւ աշխարհական պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ Բերիոյ Թեմի առաջնորդ` Արհիապատիւ Պետրոս Արքեպ. Միրիաթեանին, մեկնեցաւ Լաթաքիա, մօտէն տեղեկանալու Քեսապահութեան իրավիճակի մասին եւ տեղահանուած ընտանիքներուն ապահովելու զօրակցութիւն, մօտիկութիւն եւ օժանադակութիւններ ապահովելու։
Այս առթիւ Քեսապի հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ` Հայր Նարեկ Լուիսիան, Ռատիովատիկանին փոխանցեց հետեւեալ հակիրճ տեղեկութիւնը` RealAudioMP3







All the contents on this site are copyrighted ©.