2014-02-26 09:32:52

Ընտանիքի մասին Եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի ընդհանուր քարտուղարին տպաւորութիւնները` հարկաւոր է հասկնալ Եկեղեցիէն հեռացած մարդոց տառապանքը։


Կարտինալ Պալտիսեռի` եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի ընդհանուր քարտուղարը, Վատիկանի Օ.Ռ. օրաթերթին հետ ունեցած ելոյթով ըսաւ. ''Ընտանիքի վերաբերեալ Վատիկանի ուղղած հարցարանը աշխարհի եպիսկոպոսներուն ցոյց կու տայ հարկաւորութիւնը գիտակցելու Եկեղեցիէն հեռացող մարդոց ապարած ցաւը ու Եկեղեցւոյ պարտականութիւնը երկխօսութիւն հաստատելու անոնց հետ''։ Սիւնոդոոսի ընդհանուր քարտուղարը մատնանշեց, որ այդ հարցարանէն ի յայտ եկաւ մարդոց մեծ տառապանքը։ Ան յայտնեց որ հարցարանին պատասխանեցին եպիսկոպոսական համահաւաք դասերու 80 տոկոսը ու այլ 700 անկախ անհատներ։
Պատասխաններու մէջ կը նշմարուի մեծ ցաւ մը մասնաւորապէս անոնց մօտ որոնք իրենք զիրենք մերժուած կամ լքուած կը զգան Եկեղեցիէն, որովհետեւ կ'ապրին կեանք մը որ չի համապատասխաներ Եկեղեցւոյ վարդապետութեան կամ անոր կանոնին։ Շնորհիւ հարցարանին, ըսաւ կարտինալը, շատերուն համար յոյսի եւ վստահութեան ճամբայ մը բացուեցաւ։ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը իր մարդկային ու քրիստոնէական մօտեցումով հաւատացեալները աւելի տրամադիր դարձուց ընդունելու այն ինչ որ բարի է իրենց համար։ Կարտինալ Պալտիսեռի յայտնեց որ 24 փետրուարէն սկսեալ կ'աշխատասիրուի ընտանիքի հայող սիւնհոդոսի թղթածրարը հիմնուելով հարցարանի պատասխնաններուն վրայ։
Յայտնենք որ Ընտանիքի մասին եպիսկոպոսական սիւնհոդոսը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ հոկտեմբեր ամիսուայ ընթացքին, Վատիկանի մէջ։







All the contents on this site are copyrighted ©.