2014-02-22 08:51:04

Վերջ գտաւ ''ընտանիքի'' մասին գումարուած Կարտինալական արտակարգ ժողովը։


Սուրբ Աթոռի գրասենեակի հրատարակած մէկ հաղորդագրութիւնը կը յայնտէ թէ ''ուրբաթ 21 փետրուարի յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ ''ընտանիքի'' մասին գումարուած Կարտինալական արտակարգ ժողովի վերջին նիստը''։ Ժողովի բացումը տեղի ունեցած էր հինգշաբթի 21 փետրուարի առաւօտեան որուն սկիզբը կարտինալ Գասբեր ժողովականներուն ներկայացուցած էր Ընտանիքի մասին երկարաշուրնչ զեկոյց մը որուն մասին, երկու օր տեւող նիստերու ընթացքին, միջամտութիւններ կատարեցին 69 կարտինալներ ։
Յայտնենք որ ուրբաթ 21 փետրուարի նիստի աւարտին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենաեկի տնօրէնը լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպման ընթացքին յատուկ յայտարարութիւն մը ըրած էր հայող կարտինալական դասի հաւաքին որուն մէջ կը կարդանք` ''Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը եւ կարտինալական դասը, իրենց աղերսանքը բարձրացուցին առ Աստուած, աշխարհի բազմաթիւ քրիստոնեաներուն համար, որոնք յաճախ եւ զանազան վայրերու մէջ թիրախ դարձած են, բռնութիւններուն եւ հալածանքներուն։ Բոլոր անոնց որ Աւետարանի պատճառով կը տառապին, Նորին Սրբութիւնը եւ կարտինալական դասը կ'ապահովեն իրենց աօղթքը յորդորելով հաստատ մնալ հաւատքի մէջ եւ ներել՝ իրենց հալածողներուն, նմանելով մեր Տիրոջ Յիսուսին։
Հայր Լոմպարտին ապա յայտնեց Ֆրանչիսկոս Պապին եւ Կարտինալներուն մտահոգութիւնը հայող այն երկիրներուն, զորս այս օրերուն ներքին բախումներու ենթարկուած են, ինչպէս Հարաւային Սուտանը, Նիճերեան եւ Ուքրանիան։ Կարտինալական դասը յատուկ մտահոգութիւն յայտնեց Սուրիոյ տագնապի նկատմամբ որուն` մինչեւ այսօր խաղաղ եւ մշտատեւ լուծում մը չի գտնուեցաւ։ Կարտինալական արտակարգ ժողովի մասնակիցները ապա անհրաժեշտ նկատեցին միջազգային հասարակութեան նախաձեռնութիւնները, նպաստելու համար խաղաղութեան եւ ներքին համերաշխութեան, վերահաստաելու ապահովութիւնը եւ արտօնելու մարդկայնական օժանդկութեան մուտքը։
Անոնք ապա նկատել տուին թէ յաճախ, բազմաթիւ բախումներ նկարագրուած են որպէս կրօնային բնոյթ ունեցող բախումներ, մինչդեռ այդ բախումներու պաճառները յաճախ ցեղային, քաղաքացիական եւ տնտեսական բնոյթ ունին։
Կաթողիկէ Եկեղեցին դատապարտելով ամէն տեսակ բռնութիւն կատարուած կրօնի անունով, պիտի չի դադրեցնէ իր գործունէութիւնը ի սպաս խաղաղութեան, միջկրօնային երկխօսութեամբ եւ բազաթիւ բարեգործական ձեռնարկներով։
Յայտնենք թէ կարտինալական արտակարգ ժողովին մասնակցեցան 150 կարտինալներ եւ թէ Սրբազան Քահանայապետը, Ժողովի ընթացքին, յառաջիկայ Ընտանիքի մասին գումարուած սիւնհոդոսի երեք նախագահները նշանակեց յանձինս` Կարտինալ Վէնթրուայի, Կարտինալ Թակլէի եւ Կարտինալ Ասիզի։
Ժողովը վերջ գտաւ ուրբաթ երեկոյեան ժամը 18,45-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետի արտասանած հակիրճ խօսքով որուն մէջ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն, համոզում յայտնելով թէ Տէրն է որ կ՛առաջնորդէ իր Եկեղեցին Ընտանիքի աւետարանի նիւթը դիմագրաւելու ու Ան պիտի շարունակէ այս ժողովով սկիզբ առած ուղեւորութիւնը որ պիտի շարունակուի դէպի յառաջիկայ Սիւնհոդոս։ Նորին Սրբութիւնը ապա բոլորէն խնդրեց որ աղօթեն իրեն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.