2014-02-04 10:31:42

Հարցազրոյց – Հանդիպում ` Արհի. Պետրոս Արքեպիսկոպոս Միրիաթեանի հետ` ''Որպէս հոգեւորականներ, մեր առաքելութիւնն է աղօթել եւ յոյս ներշնչել մեր տառապեալ ժողովուրդին'' ։


RealAudioMP3 Հալէպի Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Արքեպիսկոպոս` գերապայծառ Պետրոս Միրիաթեան, այս օրերուն, աշխատանքային ծրագիրով ժամանած է Հռոմ։ Իր կեցութեան ընթացքին Միրիաթեան գերապայծառը այցելեց Ռատիովատիկանի հայկական բաժնի գրասենեակը ու մեր հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին տեղեկացուց Հալէպահայութեան ապրած` տխուր եւ դժուար կացութեան մասին, ու խօսեցաւ Հալէպի երեք Հայ Համայնքապետերու միասնական գործունէութեան մասին ի սպաս հայ ընտանիքներուն։
Գերապայծառ Միրիաթեան իր զրոյցի աւարտին յոյս յայտնեց որ ''Սուրիական ճգնաժամը վերջ գտնէ եւ իրենց ծնդավայրէն հեռացած հայ ընտանիքները վերադառնան իրենց օճախները։ ''Որպէս հոգեւորականներ, մեր առաքելութիւնն է – ըսաւ գերապայծառ Միրիաթեան - աղօթել եւ յոյս ներշնչել մեր Ժողովուրդին''։







All the contents on this site are copyrighted ©.