2013-12-25 12:54:06

''Աղօթք` Սուրիոյ, Սուրբ Երկրի, ու համայն աշխարհի մէջ խաղաղութեան հաստատութեան համար'' Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Սուրբ Ծննդեան պատգամը:


''Փառք ի բարձունս Աստուծոյ, եւ յերկիր խաղաղութիւն, ի մարդիկ հաճութիւն'' (Ղուկաս, 2,14):
Հռոմ քաղաքի ու համայն աշխարհի, սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր, շնորհաւոր Սուրբ Ծնունդ։
Յիսուսի Ծնունդի գիշերը Բեթղեհէմի հովիւներուն երեւցած հրեշտակներու տաղը իմս կ՛ընեմ։
Երգ մը որ երկինքը երկիրին կը միացնէ, երկինքին ուղղելով փառք ու մարդոց երկիրին` խաղաղութեան մաղթանք։
Բոլորը կը հրաւիրեմ միանալու այս տաղին` որ գիշերը հսկող ամէն մէկ այր ու կնոջ համար երգ մըն է, ամէն մէկուն որ յոյս ունի աւելի լաւ աշխարհի, որ խնամք կը տանի ուրիշին եւ կը փորձէ խոնարհութեամբ կատարել իրեն պարտականութիւնը։

''Փառք ի բարձունս Աստուծոյ''.
Սուրբ Ծնունդը մեզ կը հրաւիրէ փառաբանել զԱստուած, որովհետեւ բարի է , հաւատարիմ է ու ողորմած։

''Խաղաղութիւն մարդկանց ''։
Իսկական խաղաղութիւնը իրարու հակառակ ուժերու միջեւ հաւասարակշռութիւն մը չէ։
Խախաղութիւնը ամենօրեայ յանձնառում մըն է, որ յառաջ կը տարուի սկսեալ Աստուծոյ պարգեւած շնորհքէն տրուած` Յիսուս Քրիստոսի մէջ։

Նայելով Մանուկին, մտաբերենք բոլոր մանուկները որ զոհ են պատերազմներուն, մտածենք տարեցներուն, հիւանդներուն, չարաշահուած կանանց.... ըսաւ Քահանայապետը ու ակնարկեց - Սուրիոյ պատերազմին որ ''ատելութիւն եւ վրէժխնդրութիւն յառաջացուցած է''։
Շարունակենք աղօթել Տէրը - ըսաւ Քահանայապետը - որպէսզի Սուրիոյ սիրեցեալ ժողովուրդը խնայէ նոր տառապանքներէն եւ հակամարտող կողմերը վերջ դնեն բռնութիւններուն ու մարդասիրական օժանադակութիւններու մուտքը ապահովեն։
Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ապա ակնարկեց աղօթքի ուժին ըսելով` ''Տեսանք թէ որքան զօրաւոր է աղօթքին ուժը եւ ուրախ եմ որ մեր այս աղերսանքին միացան նաեւ այլ կրօններու հաւատացեալներ։ Չի կորսնցնենք ուժը ըսելու ''Տէր, տու՛ր Սուրիոյ եւ համայն աշխարհի խաղաղութիւն''։
Խաղաղութիւն տուր, Մարդոցմէ մորցուած Կեդրոնական Ափրիկէի հանրապետութեան ։ Նպաստէ Հարաւային Սուտանի մէջ հաշտութեան։ Դուն` խաղաղութեան Իշխան` բարեփոխէ բռնարարներու սրտերը որպէսզի մէկդի դնեն զէնքերը եւ դիմեն երկխօսութեան ճանապարհին։ Նայիր Նիճերիոյ. Օրհնէ հողը զոր ընտրեցիր աշխարհ գալու, եւ ըրէ որ Իսրայելցիներու ու Պաղեստինցիներու միջեւ բանակցութիւները հանգին լաւ արդիւնքի։ Բուժէ Տէր Իրագի վէրքերը։
Դուն`կեանքի Տէրը, պահպանէ անոնք որ քու անունիդ համար կը հալածուին։ Յոյս ներշնչէ գաղթականներուն ու փախստականներուն։ Ըրէ որ անոնք գտնեն հիւրընկալութիւն եւ օգնութիւն եւ այս տարուայ ընթացքին պատահած ողբերգութիւններու ականատես չ՛ըլլանք այլեւս։
Բեթղեհէմի Մանուկ, խօսէ մարդավաճառ մարդոց սրտերուն, որպէսզի անդրադառնան մարդկութեան դէմ գործած իրենց ոճիրին։ Նայուածքդ ուղղէ այն մանուկներուն որ կ՛արեւանգուին, կը վիրաւորուին ու կը սպաննուին պատերազմներու ընթացքին, եւ բոլոր անոնց որոնցմէ կը խլուի իրենց մանկութիւնը։
Երկնքի ու Երկրի Տէր` նայէ մեր այս մոլորակին որ շատ անգամ մարդոց ագահութեան ու անձնասիրութեան պատճառաւ շահագործուած է։Թիկունք կանգնէ անոնց որ բնական աղէտներու զոհ են, նա մանաւանդ Փիլիպեան կղզեխումբի ժողովուրդին որ վերջերս թիրախ եղաւ մրրիկին։
Սիրելի եղբայրներ ու քոյրեր, այս աշխարհի մէջ, այս մարդկութեան մէջ, այսօր ծնաւ մեր Փրկիչը` Քրիստոս մեր Տէրը։ Պահ մը կանգ առնենք Բեթղեհէմի Մանուկին առջեւ։ Թոյլ տանք որ մեր սիրտը յուզուի եւ Աստուծոյ քնքշութեամբ տոչորուի։ Աստուած մեծ է սիրոյ մէջ։ Աստուած խաղաղութիւն է։ Խնդրենք իրեմէ որ մեզի օգնէ, որպէսզի ամէն օր, մեր կեանքին մէջ, մեր ընտանիքներուն մէջ, մեր քաղաքին ու մեր երկրին մէջ ու համայն աշխարհի մէջ, կերտենք խաղաղութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.