2013-08-01 10:24:39

2014-ի Խաղաղութեան 47րդ Համաշխարհային Օրուայ Նիւթը` ''Եղբայրութիւնը, խաղաղութեան հիմք ու ճանապարհ''։


Ֆրանչիսկոս Պապը 2014-ի համար, իր քահանայապետութեան առաջին համաշխարհային օրուայ պատգամի որպէս նիւթ ընտրած է ''Եղբայրութիւնը որպէս խաղաղութեան հիմք ու ճանապարհ''։

Խաղաղութեան համաշխարհային օրը հաստատուած է Պօղոս Զ կողմէ եւ կը նշուի ամէն տարի յունուար մէկին։ Համաշխարհային օրուայ պատգամը կ՛ուղղուի բոլոր յատուկ եկեղեցիներուն եւ ողջ աշխատհի դիւանագիտական մարմնին, վերյիշելու համար խաղաղութեան էական արժէքը եւ խաղաղութիւնը իրականացնելու նպատակով անխոնջ աշխատանքի հարկաւորութիւնը։

Ֆրանչիսկոս Պապը ''Եղբայրութեան'' նիւթը ընտրեց որպէս իր քահանայպետութեան համաշխարհային առաջին օրուայ նիւթ։ Ան իր Քահանայապետ ընտրուելուն առաջին օրէն իսկ յաճախ մատնանշած է ''հանդիպումի մշակոյթի'' զարգացումի մասին, որպէս խթան աւելի արդար ու խաղաղ աշխարհ մը կառուցման։

Եղբայրութիւնը առանձնայատկութիւն մըն է որ ամէն այր ու կին իր մէջ ունի որպէս մարդ էակ` միեւնոյն Հօր զաւակ։ Ազգերու ընտանիքի սպառնացող բազմաթիւ աղէտներու դիմաց - աղքատութիւն, անօթութիւն, հակամարտութիւն, գաղթականութիւն, ապականութիւն, անհաւասարութիւն, անարդարութիւն, ոճրագործութիւն, ծայրայեղութիւն, եւայլն - եղբայրութիւնը կր մնայ որպէս խաղաղութեան հիմք ու ճանապարհ ։

Բարօրութեան մշակոյթը կորսնցնել տուած է պատասխանատուութեան եւ եղբայրական յարաբերութեան իմաստը։ Միւսերը փոխանակ մեր նմանները համարելու, զանոնք կը նկատենք որպէս հակարակորդ կամ թշնամի։ Հազուադէպ չէ նաեւ որ աղքատները նկատուին որպէս ընկերութեան համար ''ծանրութիւն'' եւ զարգացումի արգելք։ Անոնք չեն նկատուիր որպէս ''եղբայրներ'' կանչուած կիսելու արարչութեան պարգեւները եւ մշակոյթի ու զարգացումի բարիքները։

Իր Քահանայապետութեան սկզբնական շրջանին պատգամին մէջ ֆրանչիսկոս Պապը իր նախորդներուն հետքերով բոլորին կ՛առաջարկէ եղբայրութեան ճանապարհը` աշխարհին տալու համար աւելի մարդկաղյին դիմագիծ։ Ինչպէս կ՛ակնարկէ Ան ''աշխարհականացումի եւ անտարբերութեան տեղ թող ծաւալի եղբայրութեան աշխարահականացումը''։








All the contents on this site are copyrighted ©.