2013-07-25 07:54:04

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Խօսքը ''Աստուածային Նախախնամութեան Սուրբ ֆրանչիսկոս Ասիզացիի Բուժարանի'' Այցելութեան Առթիւ։


24 յուլիսի յետմիջօրէին ֆրանչիսկոս Քահանայապետը այցելեց Րիոյի ''Աստուածային Նախախնամութեան Սուրբ ֆրանչիսկոս Ասիզացիի անուան Հիւանդանոցը եւ այնտեղ արտասանած իր խօսքին մէջ վերոյիշեալ Բուժարանը որակեց որպէս ''մարդկային տառապանքի սրբավայր'' մատնանշելով Սուրբ ֆրանչիսկոսի թոքախտէ տառապող հիւանդի հետ հանդիպումին։ Ան -ըսաւ Սրբազան Հայրը- հասկցաւ թէ իսկական ուրախութիւնը չի կայանար աշխարհի ինչքեր եւ կուռքեր դիզելու մէջ այլ Քրիստոսը եւ ուրիշները ծառայելու մէջ։ Այդ տառապեալ, անտէր եղբայրը եղաւ Սուրբ ֆրանչիսկոսի համար ''լոյսի միջնորդ'' (Հաւատոյ Լոյս շրջաբերական նամակ գլուխ 57)։

Նորին Սրբութիւնը ապա խօսեցաւ աշխարհի մէջ սիրոյ ու խնամքի կարօտ իրողութիւններուն, միջազգային հասարակութենէն պահանջելով քաջութեան դիրք մը. ''թմրեցուցիչներու ազատութեամբ չէ որ կրնանք սահմանափակել թմրամոլութիւնը այլ հարկ է երիտասարդները դաստիարակել այն արժէքներուն որ հասարակական կեանքի հիմքն են, օգնութեան հասնելով անոնց որ դժուարութեան մէջ կը գտնուին ու անոնց ներշնչելով ապագայի յոյսը''։

Նորին Սրբութիւնը ապա յարեց` ''Մեր ձեռքը երկարենք անոնց որոնք դժուարութեան մէջ են եւ խաւարի մէջ ընկղմած են։ Բոլոր անոնց որ քաջութիւնը չ՛ունին ազատութեան ճամբան ընդգրկելու ըսենք` ''քեզի երկարած ձեռք մը պիտի գտնես որ քեզ կ՛ուզէ օգնել, սակայն ոչ մէկը կրնայ քու տեղդ վերելքը ընել։ Երբե՛ք միայնակ չէք։ Եկեղեցին ու շատ մը անձեր ձեզի մօտիկ են։ Մի թողուք որ յոյսը կողոպտեն ձեզմէ։ Բոլորս դառնանք Յոյսի պատգամաւորներ։ Հոս այս հիւանդանոցին մէջ թող բարի սամարացիի առակը իրականանայ։ Հոս չկայ անտարբերութիւն այլ ուշադրութիւն, չկայ անհոգութիւն այլ սէր։''
Ֆրանչիսկոս Պապը ապա եզրափակեց ''Եկեղեցին հեռու չէ ձեր հոգերէն այլ ձեզի կ՛ըկներանայ սիրով։''








All the contents on this site are copyrighted ©.