2013-07-23 11:45:39

Պրազիլի Խանդավառ Ժողովուրդին Արտակարգ Ընդունելութիւնը Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին։


Երկուշաբթի 22 յուլիսի յետմիջօրէի ժամը 16-ին (Պրազիլի ժամով) ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ժամանեց Պրազիլ մասնակցելու համար երիտասարդութեան համաշխարհային 28 օրուայ տօնախմբութիւններուն։

Պրազիլի ժողովուրդը արտակարգ խանդավառութեամբ ընդունեց Լատին Ամերիկացի Քահանայապետը որ հազիւ Րիօ Տէ Ժանէյրօ ժամանեց ուզեց համապատասխանել ժողովուրդի իղձին եւ նախ քան Կուանապարայի Պալատին մէջ բարի գալուստի արարողութեան մասնակցելու շրջապտոյտ մը ըրաւ Րիոյի կեդրոնական պողոտաներու վրայ մօտէն բարեւելու ճամբաներու եզերքներուն զինք սպասող ու դիմաւորող բազմահազար ժողովուրդը։
Շրջապտոյտ մը որ պատճառ դարձաւ ''բրոդոքոլլային'' յայտագիրը փոփոխութեան ենթարկելու - ինչպէս յայտարարեց Սուրբ Աթոռի Բանբեր` Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտին մատնանշելով Սրբազան Քահանայապետի Պրազիլի հաւատացեալներուն մէջ յառաջացուցած ոգեւորութեան։
Նորին Սրբութիւնը լաւ կը ճանչնայ Լատին Ամերիկացիները ու յատկապէս Պրազիլցիները ու գիտէ ինչպէս խօսիլ անոնց սրտերուն - հաստատեց Հայր Լոմպարտին։ Արդարեւ Կուանապարայի մէջ արտասանած իր ճառին մէջ Սրբազան Քահանայապետը ըսաւ`

Տեղեակ եմ որ Պրազիլցի Ժողովուրդը սիրաշահելու համար հարկ է անոր մօտենալ անոր անհուն սրտի դուռէն, թոյլ տուէք առ այդ որ նրբութեամբ բախեմ այդ դուռը խնդրելով որ թոյլ տաք որ մտնեմ ու այս մէկ շաբաթը ձեր հետ միասին անցնեմ։ Ես ոչ ոսկի ունիմ եւ ոչ արծաթ, սակայն հետս բերած եմ ինծի տրուած ամենաթանկագին արժէքը` Յիսուս Քրիստոս. Կու գամ Անոր Անունով սնուցելու այն եղբայրական սիրոյ բոցը որ վառած է ամէն մէկ սրտի մէջ եւ կ՛ուզեմ որ իմ ողջոյնս բոլորին ու ամէն մէկուն հասանելի ըլլայ. ''Քրիստոսի խաղաղութիւնը ձեր հետ''։

Երեքշաբթի 23 յուլիսի ճամբորդութեան յայտագիրը Սրբազան Քահանայապետի ոչ մէկ պաշտօնական գործունէութիւն կը նախատեսէ թէեւ - ըսաւ Հայր Լոմպարտին - այս քահանայապետէն ամէն բան կարելի է սպասել։
Վատիկանի բանբերը հուսկ ակնարկեց երեկոյեան նախատեսուած երիտասարդութեան համաշխարհային օրուայ բացման Սուրբ Պատարագի արարողութեան որ ընդհանրապէս տեղի կ՛ունենայ առանց Քահանայապետի ներկայութեան եւ զոր Գոբագապանայի տարածքի վրայ պիտի գլխաւորէ Րիօ Տէ Ժանէյրօյի Արքեպիսկոպոս` գերապայծառ Օրանի Թեմբեսդան, Սրբազան Պապի պատուիրակութեան անդամներուն մասնակցութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.