2013-07-10 11:41:23

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Թուիթերեան Կայքի Հետեւորդներու Թիւը Գերազանցեց 7 Միլիոնը


Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի ընտրութենէն 117 օր ետք անոր թուիթերեան կայքէջի օգտատէրերու թիւը 8 յուլիս 2013 - ին հասած էր 7.297,000։
Սրբազան Քահանայապետը կը հանդիսանայ թուիթերեան կայքի ամենաշատ հետեւորդ ունեցող հոգեւոր առաջնորդը ու գերազանցած է Պուտիստ Կրօնապետ` Տալայ Լաման։
Սրբազան Քահանայապետը դասաւորուած է աշխարհի մէջ բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու առաւել հետեւորդներ ունեցողներու 90րդ շարքին։ Անոր կայքէջը կազմուած է 9 լեզուներէ ներառեալ Լատիներէնը

Այսօր` չորեքշաբթի 10 յուլիսին հրատարակած թուիթին մէջ Նորին Սրբութիւնը կը գրէ`

''Եթէ կ՛ուզենք մօտէն հետեւիլ Քրիստոսի, չենք կրնար հանգստաւէտ ու անդորր կեանք մը ունենալ։ Հաւանաբար յանաձնառու կեանք մը ըլլայ սակայն լի է ուրախութեամբ։ ''








All the contents on this site are copyrighted ©.