Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Թուիթերեան Կայքի Հետեւորդներու Թիւը Գերազանցեց 7 Միլիոնը
Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի ընտրութենէն 117 օր ետք անոր թուիթերեան կայքէջի օգտատէրերու
թիւը 8 յուլիս 2013 - ին հասած էր 7.297,000։ Սրբազան Քահանայապետը կը հանդիսանայ
թուիթերեան կայքի ամենաշատ հետեւորդ ունեցող հոգեւոր առաջնորդը ու գերազանցած է Պուտիստ
Կրօնապետ` Տալայ Լաման։ Սրբազան Քահանայապետը դասաւորուած է աշխարհի մէջ բարձրաստիճան
անձնաւորութիւններու առաւել հետեւորդներ ունեցողներու 90րդ շարքին։ Անոր կայքէջը կազմուած
է 9 լեզուներէ ներառեալ Լատիներէնը
Այսօր` չորեքշաբթի 10 յուլիսին հրատարակած
թուիթին մէջ Նորին Սրբութիւնը կը գրէ`
''Եթէ կ՛ուզենք մօտէն հետեւիլ Քրիստոսի,
չենք կրնար հանգստաւէտ ու անդորր կեանք մը ունենալ։ Հաւանաբար յանաձնառու կեանք մը ըլլայ
սակայն լի է ուրախութեամբ։ ''