2013-06-19 13:06:19

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Կոչը Գաղթականութեան Համաշխարհային Օրուայ Առթիւ։


Գաղթականներու դէմքին մէջ քանդակուած է Քրիստոսի դէմքը

Չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկդրութեան աւարտին, ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կոչ մը ուղղեց 20 յունիսի նշուելիք, Մակէն հաստատուած` գաղթականութեան օրուայ առթիւ։
Այս տարի - ըսաւ քահանայապետը - կանչուած ենք յատկապէս նկատի առնելու գաղթական ընտանիքներու իրավիճակը, որ ստիպուած եղած են իրենց տուները եւ երկիրները թողելու եւ փախչելու բռնութենէն, հալածանքէն եւ հարսատհարումէն, կրօնի, քաղաքական կամ ցեղային իրենց անդամակցութեան պաճառաւ։
Բացի ճամբորդութեան վտանգէն յաճախ այս ընտանիքները ենթարկուած են փլուզումի եւ տարբեր մշակոյթներու դիմաց գտնուելու։ Չենք կրնար անտարբեր մնալ ընտանիքներու հանդէպ եւ հանդէպ բոլոր մեր գաղթական եղբայր ու քոյրերուն։ Կանչուած ենք անոնց օգնելու, հասկացողութեան եւ հիւրընկալութեան միջոցաւ։
Նորին Սրբութիւնը ապա եզրափակեց ''Թող չի պակսին աշխարհի մէջ անձինք եւ իշխանութիւններ որ թիկունք կանգնին անոնց։Իրենց դէմքին մէջ քանդակուած է Քրիստոսի դէմքը։ ''








All the contents on this site are copyrighted ©.