2013-04-22 11:59:39

Ապրիլեան Նահատակներու Յիշատակին Նուիրուած Ս Պատարագ Փարիզի Նոթրը Տամ Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ Մէջ։


Կիրակի Ապրիլ 21-ին Փարիզի Notre-Dame աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, Տեղի ունեցաւ Ապրիլեան Նահատակաց ոգեկոչման արարողութիւնը հանդիսաւոր Ս Պատարագով որուն նախագահեց Արհիապատիւ Յովհաննէս եպ.Թէյրուզեան՝ առաջնորդը Փարիզի հայ կաթողիկէ համայնքին, իրեն հետ ունենալով գերապայծառներ՝ Արհի. Գրիգոր եպ.Ղապրոյեան եւ Մանուէլ եպ. Պաթաքեան, առընթերականերն էին, Լիոնի եւ Սէն Շամոնի ժողովրդապետ՝ Հայր Անդրանիկ Ադամեան եւ Փարիզի ժողովրդապետ՝ Հայր Գէորգ Ասատուրեան:
Մինչ երգչախումբը՝ լսելի կ՝ընէր Հրաշափառը, սկիզբ առաւ թափօրը Ս. Խաչով եւ սարկաւագներով դէպի աւագ խորանը, որուն մէջ կը գտնուէին Հայ Կաթողիկէ կղերը, Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ առաջնորդը՝ Նորվան Զաքարեան Սրբազանը, Ֆրանսահայ Աւետարանական համայնքին նախագահը՝ Ժոէլ Միքայէլեանը, Փարիզի Կարդինալի օգնական Ժէրոմ Պօ եպիսկոպոսը, Ուկրանացիներու Առաջնորդը, Մարոնիներուն Առաջնորդին ներկայացուցիչը, Ֆրանսայի մէջ գտնուող Արեւելեան համայնքներու Պատասխանատու՝ Գլօտ Պրէսոլէթ գերապայծառը, Œuvre d’Orient-ի նախագահ՝ Բասգալ Կոլնիշ գերապայծառը եւ Լատին վարդապետներ: Սրբազան երգեցողութիւնը կատարեցին Փարիզի եւ Արնուվիլի երգչախումբներու անդամները եւ իրենց միացած՝ Փարիզի զանազան հայկական երգչախումբերու գրեթէ 150 անդամները, ղեկավարութեամբ՝ Պրն Անթուան Քէշիշեանի:
Այս առթիւ աւագ խորանէն Թէյրուզեան գերապայծառը արտասանեց իր ճառը խօսելով օրուայ նահատակներուն մասին, շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր ներկաներուն մանաւանդ Հայաստանի եւ Լիբանանի դեսպաններու, Հայաստանի մօտ Մալթայի դեսպան Ժան Միշել Ուղուրլեանինի, Ղարաբաղի ներկայացուցիչին, Պրն Նախարար Հայ Կաթողիկէ Բաթրիք Տեվեճեանին, ինչպէս նաեւ կազմակերպութիւններու եւ կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն :
Օրուայ ընթերցուածը ֆրանսերէն լեզուով կարդաց պատուելին Միքայէլեան , իսկ հայերէնով Աւետարանը երգեց Նորվան Սրբազանը, որմէ ետք խօսք առաւ կարտինալի օգնական եպիսկոպոս Ժէրոմ Պօ, որ խօսեցաւ հայ նահատակներու մասին՝ դրուատելով Հայ ազգը որ տարիներու ընթացքին իր կեանքը եւ արիւնը տուաւ Ատուծոյ :
Պատարագին վերջաւորութեան խորան բարձրացան Նորվան Սրբազանը եւ Պօ գերապայծառը շրջապատելու Թէյրուզեան, Ղապրոյեան եւ Պաթաքեան գերապայծառները, ձեռաց խաչը եւ եպիսկոպոսական գաւազանը տրուեցան Նորվան Սրբազանին Պահպանիչի աղօթքը կատարելու, ապա բոլոր եպիսկոպոսները վերջին օրհնութիւնը շնորհեցին հաւատացեալներուն :
Պատարագի վերջաւորութեան մինչ երգչախումբը կ՝ երգէր ՜՜Այսօր Յարեաւ՝՝ը, կղերին թափօրը կ’ուղղուէր դէպի աւանդատուն Թէյրուզեան գերապայծառի ժողովուրդի տուած օրհնութիւններով:








All the contents on this site are copyrighted ©.