2013-03-24 12:50:32

Ծաղկազարդի Սուրբ Պատարագը Սուրբ Պետրոսի Հրապարակի Վրայ։


Ֆրանչսիկոս Պապը` ''Թագաւորը որուն կը հետեւինք զոհաբերումի ու սիրոյ թագաւորն է''

Կիրակի մարտ 24-ի առաւօտեան ժամը 9,30, ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ նախագահեց ''Ծաղկազարդի'' սուրբ արարողութիւնը, հազարաւոր հաւատացեալներու ներկայութեամբ։
Ծաղկազարդի տօնը կը յիշատակէ Յիսուսի յաղթական մուտքը Երուսաղէմ` իր չարչարուելէն, խաչուելէն եւ յարութիւն առնելէն ճիշդ մէկ շաբաթ առաջ։

Արարողութիւնը որ բաժնուած էր երեք մասի, սկիզբ առաւ ձիթենիներու եւ արմաւենիներու ճիւղերու օրհնութեամբ Սուրբ Պետրոսի հրապարակի կեդրոնը, ապա Սրբազան Քահանայապետի առաջնորդութեամբ թափօրը ուղղուեցաւ Սուրբ Պետրոսի մուտքի առջեւ պատրաստուած խորան ուր սկիզբ առաւ ''չարչարանաց'' Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը։
Սուրբ Զոհի ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ, Սրբազան Քահանայապետը նախ անդրադարձաւ օրուան տօնակատարութեան իմաստին։
Յիսուս մտաւ Երուսաղէմ ու ամէն ժողովուրդը կ՛աղաղակէր ''Օրհնեալ ըլլայ Թագաւորը որ կու գայ Տիրոջ անունով։ Խաղաղութիւն երկինքի մէջ եւ փառք ի բարձունս։'' Ամբոխ, տօն, փառաբանութիւն, օրհներգութիւն եւ խաղաղութիւն։ Ուրախութեան մթնոլորտ մը։ Յիսուս վերակենդանացուց շատ մը անձերու սրտերուն մէջ յոյսը, նա մանաւանդ խոնարհ. պարզ, աղքատ ու մոռացուած մարդոց միջեւ։ Ան հասկցաւ մարդկային խեղճութիւնը եւ ցոյց տուաւ Աստուածային ողորմութիւնը որ խոնարհեցաւ բուժելու մարմնի ու հոգիի վէրքերը։ Մենք եւս այս սուրբ պատարագի ընթացքին երգեցինք ''Օրհնեալ ըլլայ Թագաւորը որ կու գայ Տիրոջ անունով'', մենք եւս ընդունեցանք Յիսուսը եւ մեր ուրախութիւնը յայտնեցինք Անոր ընկերանալու ու զայն ճանչնալու որպէս մեր կեանքի լուսաւոր փարոսը։ Ահա առաջին կարեւոր բառը` Ուրախութիւն։ Մի ըլլաք տխուր այր ու կիներ։ Քրիստոնեան երբեք չի կրնար այդպէս ապրիլ։ Յուսահատութան մի մատնուիք։ Մերը ուրախութիւն մը չէ որ կու գայ շատ իրեր ունենալէ, այլ անձի մը հետ հանդիպումէն բխող ուրախութիւն մըն է` եւ այդ անձը Յիսուս է, որուն հետ երբե՛ք միայնակ չենք. նոյնիսկ դժուար պահերուն։ Եւ հոս է որ կը գտնուի այն մեր ուրախութիւնը եւ յոյսը զոր տանելու ենք աշխարհին։
Ամէնուրեք տանինք Հաւատքի ուրախութիւնը։

Սրբազան Քահանայապետը ապա ակնարկեց Յիսուսի ''թագաւորութեան'' բնոյթի մասին։ Ան Երուսաղէմ մտաւ որպէս թագաւոր ընդունելու փուշէ պսակ մը։
Կը մտնէ քալելու համար դէպի գողգոթա եւ ահա երկրորդ կարեւոր բառը. Խաչ։ Յիսուս Երուսղէմ կը մտնէ խաչին վրայ մեռնելու համար։Անոր թագաւորութեան գահը` խաչն է։Սակայն անոր իշխանութիւնը երկնային է։
Յիսուս իր ուսերուն վրայ կ՛առնէ աշխարհի մեղքերը, զայն կը մաքրագործէ իր արիւնով եւ իր ողորմութեամբ` Աստուծոյ սիրով։ Նայուածք մը ուղղենք մեր շուրջ, որքա՜ն վէրքեր ցաւ կը պատճառեն մարդկութեան։Պատերազմներ, բռնութիւններ, հակառակութիւններ, տնտեսական տագնապներ որ կը հարուածեն ամէնէն տկարները, մարդկութեան եւ արարչութեան դէմ գործուած ոճիրներ։ Սիրոյ եւ յարգանքի պակասը Աստուծոյ հանդէպ, մերձաւորին հանդէպ եւ արարչութեան հանդէպ։ Յիսուս խաչին վրայ այս բոլորը իր վրայ կը կրէ, Աստուծոյ սիրոյ զօրութեամբ եւ կը յաղթահարէ չարը` իր Յարութեամբ։

Սիրելի բարեկամներ մենք ամէնքս կրնանք յաղթել չարին, որ մեր ու շախարհի մէջ կը գտնուի։ Եւ այս մէկը կարելի է Քրիստոսի հետ։ Աստուած չի փնտռեր զօրեղ միջոցներ, Ան չարը յաղթեց խաչով։Պէտք ենք Քրիստոսի յաղթական խաչը տանիլ բոլորին եւ ամէնուրեք։ Սորվինք նայիլ դէպի վեր` դէպի Աստուած, ու նաեւ դէպի վար` դէպի ամէնայետինները։ Սիրով ընդգրկուած Քրիստոսի խաչը` չի տանիր տխրութեան, այլ ուրախութիւն կը նեշնչէ։

Սրբազան Քահանայապետը ապա անդրադարձաւ 28 տարիներէ իր վեր Ծաղկազարդի տօնին օրը նշուող ''Երիտասարդութեան Օրուան'' ըսելով` այս է երրորդ կարեւոր բառը. Երիտասարդութիւն։
Սիրելի երիտասարդներ - ըսաւ Ան - դուք կարեւոր դեր մը ունիք հաւատքի տօնակատարութեան ընթացքին։ Դուք մեզի կը բերէք հաւատքի ուրախութիւնը ու մեզի կը յիշեցնէք թէ պէտք ենք մեր հաւատքը ապրիլ երիտասարդ սրտով, միշտ, նոյնիսկ 70 եւ 80 տարեկանին։ Քրիստոսի հետ սիրտը երբե՛ք չի ծերանար.
Թագաւորը որուն կը հետեւինք յատուկ Թագաւոր մըն է, որ կը սիրէ մինչեւ խաչին վրայ զոհաբերում եւ մեզի կը սորվեցնէ ծառայել ու սիրել։
Դուք չէք ամչնար խաչէն, ընդհակառակը զայն կը շալկէք որովհետեւ հասկցաք թէ անձնուիրումի մէջն է որ կը կայանայ ճշմարիտ ուրախութիւնը եւ թէ սիրով է որ Աստուած յաղթեց չարին։
Դուք խաչը կը կրէք ընդառաջելով Յիսուսի հրաւէրին. ''Գացէք եւ աշակերտեցէք բոլոր ազգերը''։Այս է նաեւ այս տարուայ ''Երիտասարդութեան Համաշխարհային օրուայ'' նիւթը։
Սիրելի բարեկամներ, ես ալ ձեզի կ՛ընկերանամ ձեր այս ուղեւորութեան ընթացքին, Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի եւ Պենետիկտոս ԺԶ-ի հետեքերով հասնելու Խաչի ուխտագնացութեան յառաջիկայ հանգրուանին։ Նայուածքս կ՛ուղղեմ դէպի Րիո Տէ Ժանէյրօ, ու ձեզի ժամադրութիւն կու տամ Պրազիլ։ Լաւ պատրաստուեցէք այդ հանդիպումին, նա մանաւանդ հոգեւոր գետնի վրայ որպէսզի այդ հանդիպումը, բոլոր աշխարհին համար ըլլայ ՜՜հաւատքի նշան՝՝։

Ապրինք Յիսուսի հետ քալելու ուրախութիւնը, Անոր հետ մնալու, Անոր խաչը շալկելով` սիրով եւ երիտասարդ հոգիով։ Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութեամբ։



Սուրբ Պատարագի արարողութեան աւարտին ֆրանչիսկոս Սրբազան Հայրը նոյն վայրէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, որուն ընթացքին զանազան լեզուներով հայցեց Աստուածամօր բարեխօսութիւնը որպէսզի -ըսաւ ան- ՜՜Տիրամայրը մեզի ընկերանայ այս աւագ շաբթուայ ընթացքին ու մեզի օգնէ, իրեն նման, հետեւելու Քրիստոսի մինչեւ գողգոթա, սիրով շալկելով անոր խաչը՝՝։
Սրբազան Քահանայապետը յատուկէն յիշեց ''թոքախտի'' հիւանդութենէ տառապողները որոնց համաշխարհային օրը կը նշուի այսօր, ու ապա երիտասարդներուն` դէպի Րիո Տէ Ժանէյրոյի ուղեւորութիւնը յանձնեց Մարիամի հոգատարութեան։ Բարի երթ բոլորիդ ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապը իր հայրական օրհնութիւնը ջամբելով ։








All the contents on this site are copyrighted ©.