2013-03-12 12:34:59

Քահանայապետի Ընտրութեան Համար Աղերսական Սբ. Պատարագ։


Երեքշաբթի 12 մարտ 2013-ի առաւօտեան կանուխէն Քոնքլաւի մասնակցող 115 Կարտինալները փոխադրուեցան Վատիկանի ''Սանդա Մարդա'' բնակարանը, ուր իրենց բնակութիւնը կը հաստատեն ամբողջ Քոնքլաւի ընթացքին անջատուած դուրսի աշխարհէն ։

Ժամը 10-ին Սուրբ Պետրոսի պազիլիքայի մէջ տեղի ունեցաւ Քահանայապետի ընտրութեան համար աղերսական Սբ. Պատարագ
Կարտինալական դասի գահերէց` Կարտինալ Անճէլօ Սոտանոյի նախագահութեամբ։

Ս. Գրային ընթերցումներէն անմիջապէս ետք Կարտինալ Սոտանօ` կարտինալներու երեցագոյնը, հետեւեալ խորհրդածութիւնը կատարեց.

Յաւիտեան պիտի օրհնեմ Տիրոջ ողորմութիւնը։ Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր, Տիրոջ սեղանին շուրջ համախմբուած ենք հայցելու Ս. Հոգւոյն կենդանարար ներկայութիւնը, որ դարերու ընթացքին միշտ հովանաւորած է իր Եկեղեցին։
Պենետիկտոս ԺԶ-ի լուսաւոր քահանայապետութենէն ետք, եկեղեցւոյ հայրապետները կը պատրաստուին ընտրելու՝ նոր Բարի Հովիւ մը, իր Եկեղեցւոյն համար։ Յիսուսի խօսքը ուղղուած Պետրոսի. ''Դուն Պետրոս ես, եւ այս վէմին վրայ պիտի կառուցանեմ իմ եկեղեցիս, ու դժոխքին դռները պիտի չյաղթեն անոր'' մեզ կը զօրացնէ ու մեզ կ՛օգնէ լաւագոյնս ըմբռնելու Քրիստոսի առաքելութիւնը յանձնուած Պետրոսին ու անոր յաջորդներուն։
Ամէն բարի Հովիւ կանչուած է իր կեանքը տալու ոչխարներուն համար։ Վերջին Քահանայապետները եղան դերակատարները բազմաթիւ բարեբեր նախաձեռնութիւններու, հանդէպ` բոլոր ժողովուրդներու ու միջազգային հասարակութեան, անխոնջ կերպով աշխատելով՝ արդարութեան ու խաղաղութեան համար։
Կ'աղօթենք որպէսզի ապագայ Քահանայապետը եւս, շարունակէ անդադար այդ ուղղութեամբ աշխատիլ, համաշխարհային գետնի վրայ - ըսաւ Կարտինալ Սոտանոն - ապա մատնանշեց որ Հռոմի Եկեղեցւոյ եղբայրօգնութեան առաքելութիւնը միշտ իւրայատուկ եղած է ինչպէս կ'ըսէր Անտիոքի Ս. Ինքնատիոս հայրապետը ''Հռոմի Եկեղեցին միշտ եղբայրօգնութեան նախագահած է։''
Կարտինալական դասի գահերէցը խօսքը եզրափակեց ըսելով. ''Սիրեցեալ եղբայրներ, աղօթենք որպէսզի Տէրը մեզի շնորհէ Քահանայապետ մը որ վեհանձնութեամբ կատարէ իր առաքելութիւնը, այս կը խնդենք հայցելով բարեխօսութիւնը Ամենասուրբ Կոյս Մարիամի, Թագուհի առաքելոց, ու բոլոր նահատակներուն ու սուրբերուն, որոնք դարերու հոլովոյթին պայծառացուցած են Հռոմի Եկեղեցին։''







All the contents on this site are copyrighted ©.