2013-03-06 11:42:23

Աղօթք՝ Եկեղեցւոյ Ու Նոր Քահանայապետի Ընտրութեան Համար


Չորեքշաբթի 6 մարտի առաւօտեան ժամը 9,30-ին Վատիկանի Պօղոս Զ. անուան սիւնհոդոսական սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ Գոնքլաւի նախապատրաստական Կարտինալներու ընդհանուր ժողովի չորրորդ նիստը, որուն մասնակցեցան 153 կարտինալներ որոնց 113 -ը ընտրող կարտինալ։ Ընտրող միւս երկու կարտինալները Հռոմ կը ժամանեն վաղը` 7 մարտին, ու այսպէս Կարտինալական Պապընտիր Դասի թիւը կը հասնի 115-ի։
Իսկ յետ միջօրէի ժամը 5-ին, Սուրբ Պետրոսի մայր Տաճարին մէջ, տեղի կ՛ունենայ Եկեղեցւոյ ու նոր քահանայապետի ընտրութեան դիտաւորութեան աղօթքի արարողութիւն մը՝ որուն մասնակցնելու հրաւիրուած են բոլոր կարտինալները ։
Արարողութիւնը սկիզբ կ՛առնէ Սուրբ Վարդարանի ջերմեռանդական աղօթքով ու ապա Սուրբ Հաղորդութեան երկրպագութեամբ, հուսկ տեղի կ՛ունենայ ժամասացութիւն ու ապա Կարտինալ Անճէլօ Գոմասդրին՝ Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի Արքեպիսկոպոսը, կը կատարէ Սուրբ Հաղորդութեան օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.